top of page
Ateliers hebdomadaires

Մեր կրթական գործունէութիւնը

Մենք կ'աշխատինք Սփիւռքի երկլեզու Հայ երեխաներու հետ (3-18 տարեկան) եւ մեր նպատակն է ֆրանսական հանրակրթական ծրագրին զուգահեռ իրականացնել հայկական կրթականը ծրագիր մը, որ հայ երախաներ իրենց ինքնութիւնը ապրին լիարժէքօրէն, դառնան երկլեզու եւ երկմշակոյթ քաղաքացիներ:

Շաբաթօրեայ աշխատանոց

Ամէն շաբաթ օր, օրուան երկրորդ կէսին, երկլեզու երեխաներու համար կ'աշխատինք ստեղծել խթանող միջավայր մը, ուր անոնք առիթը կ'ունենան հայերէնով յայտնաբերելու նոր հորիզոններ, զարգացնելու իրենց ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութիւնը։:

 

Կրթական ծրագիրը կ'ընթանայ ֆրանսական ազգային կրթութեան ծրագրին համապատասխան։ Մկնիկի մէջ հաւասարապէս ներկայ են հայերէնի գրական երկու տարբերակները՝ արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը։ Ուսուցումը դասական ուղղագրութեամբ է։

Atelier octobre

Արձակուրդային աշխատանոցներ

Հինգօրեայ յատուկ ծրագիր դպրոցական արձակուրդներու ընթացքին

 

Հոկտեմբերի եւ Փետրուարի արձակուրդներուն  ընթացքին  կը կազմակերպուին յատուկ արձակուրդային հինգօրեայ աշխատանոցներ, ուր երեխաներուն կը հրամցուին այնպիսի աշխատանոցներ որոնք կարելի չէ շաբաթ օրերը կազմակերպել, ժամանակի սահմանափակ ըլլալուն պատճառով. Ինչպէս՝ լուսանկարչութիւն, նկարչութիւն, թատրոն, երաժշտութիւն, կաւագործութիւն, գիտութիւն, լեզուախաղեր, ճատրակ, խոհարարութիւն, աշխարհագրութիւն եւլն:  Իւրաքանչիւր աշխատանոցի համար կը նախատեսուի  յատուկ ծրագիր, նաեւ այս առթիւ դուրսէն մասնագէտներ կը հրաւիրուին:

Voyage 2019

Ճամբորդութիւն

Հինգ օր բնութեան մէջ

 

Համբարձման շաբաթուան ընթացքին, բնութեան գիրկին մէջ, ճամբորդութիւն մը կը կազմակերպուի, որուն կը մասնակցին նաեւ ծնողները:

Երեխաները իրենց արձակուրդը կ'անցնեն  հայկական ընտանեկան հանգիստ միջավայրի մը մէջ։ Նախապէս մշակուած ծրագրի մը համաձայն՝ կը կազմակերպուին բնութեան մէջ քայլարշաւներ նաեւ նկարչութեան, թատրոնի, խոհարարութեան, եւ բազմաթիւ այլ աշխատանոցներ:

bottom of page